Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան կը զրուցէ Րատիօվատիկան ձայնասփիւռէն


Հռոմ, Իտալիա

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2010, Րատիօվատիկան ձայնասփիւռէն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի հետ, հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին մասին, որ կ՛երկարի 5-էն 9 հոկտեմբեր 2010։

Այս սիւնհոդոսի քարտուղար՝ հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան նախ յայտնեց թէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսը, որ միշտ Զմմառու վանքին մէջ կը գումարուի, այս տարի բացառաբար տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ առ ի պատրաստութիւն Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատկացուած սիւնհոդոսին, Վատիկանի մէջ, 10-էն 24 հոկտեմբեր 2010։ Ան յայտնեց թէ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց այս սիւնհոդոսը կ՛ուսումնասիրէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին յուզող հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն բոլոր թեմերն ու ժողովրդապետութիւնները։ Ինչպէս նաեւ, ան աւելցուց թէ այս սիւնհոդոսին հիմնական նպատակն է արծարծել Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար յատկացուած նախապատրաստական թղթածրարը, ուր պիտի քննարկուին քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, շեշտելով փոխ-յարաբերութեան եւ համագործակցութեան վրայ քրիստոնեաներու եւ իրենց դրացիներուն միջեւ, տարածաշրջանի երկիրներու ծառայութեան եւ բարգաւաճման համար։   

Հարցազրոյցը վարեց Րատիօվատիկան գործակից՝ պրն. Րոպէր Աթարեան։

Լսելու համար հարցազրոյցը հաճեցէք այցելել հետեւեալ հասցէն՝
http://www.radiovaticana.org/arm/indice.asp?RedaSel=20&CategSel=19


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ