Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2011 - Հայաստան-սփիւռք կրթական գործակցութեան եւ դժուարութիւններուն մասին զեկուցեց Փրոֆ. Կիւլամիրեան


Պէյրութ

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան եւ գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, երեքշաբթի, 24 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ 56-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Սփիւռք-Հայաստան կրթական գործակցութեան հեռանկարները»: Լսարանի զեկուցաբերն էր Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան:

Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ այսօր մեր կրթօճախները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման աշխատանքին մեծապէս կրնան նպաստել Հայաստանի իշխանութիւններն ու կրթական կառոյցները: Ան ըսաւ, որ Հայաստան- սփիւռք կրթական գործակցութիւնը պէտք է առաջնորդուի առարկայական եւ գործնական հեռանկարներով: Տեմիրճեան հաստատեց, որ դոկտ. Կիւլամիրեանի կողմէ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ վարելը էապէս գնահատելի է եւ շնչող օրինակն է Հայաստան- սփիւռք կրթական գործակցութեան: Րաֆֆի Տեմիրճեան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կիւլամիրեանի կրթական գործունէութիւնը:

Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը` դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, որ շեշտեց, թէ Հայաստանը իր ամէնէն ծանր տարիներուն երբեք երկրորդական չէ նկատած կրթութիւնը: Ան հաստատեց, որ խորհրդային տարիներուն արդէն սփիւռքահայ երիտասարդներ հայրենիքի մէջ կ’ուսանէին, եւ այս երեւոյթը Հայաստանի անկախացումով ստացաւ աւելի մեծ ծաւալ եւ կազմակերպուած բնոյթ:
Կիւլամիրեան խօսեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներուն մասին` աւելցնելով, որ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական համալսարանը ամէն տարի կ’ընդունի 100-120 ուսուցիչներ, որոնք կը հետեւին հայագիտական դասանիւթերու, եւ որոնց բոլոր ծախսերը կը ստանձնէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը: Ճուլիեթա Կիւլամիրեան շեշտեց, որ հայրենիքի մէջ վերաորակաւորման ծրագիրները կրթականին կողքին նաեւ ունին այլ կարելիութիւն, որն է հայրենիքին ծանօթացումն ու տարբեր գաղութներու եւ հայրենիքի ուսուցիչներուն միջեւ կապին ստեղծումը:
Զեկուցաբերը ըսաւ, որ երկրորդ խնդիրը մանկավարժական ներուժի պատրաստութիւնն է, եւ այս շրջագիծին մէջ Իրանի եւ Սուրիոյ հայագիտական հիմնարկներուն հետ համաձայնութիւնները կը նպաստեն, որ ուսանողները իրենց ուսումը շարունակեն Խ. Աբովեանի անուան համալսարանին մէջ:

Անդրադառնալով Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ տարուած դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքներուն` ան նաեւ խօսեցաւ սփիւռքահայութեան դասագիրքերու խնդիրներուն եւ այս ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ կայացած արեւմտահայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան նուիրուած նիստերուն:
Զեկուցումէն ետք ներկաները զեկուցաբերին ուղղեցին հարցումներ ու արտայայտեցին իրենց կարծիքները: Կիւլամիրեան նաեւ անդրադարձաւ Երեւանի պետական համալսարանի արեւմտահայերէնի բաժանմունքին, «Արի տուն» ծրագիրին, Հայաստանի մանկավարժական կեդրոններու գործունէութեան եւ կրթական մարզին վրայ Հայաստանի ընկերային- տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն ունեցած ազդեցութիւններուն:
Ան յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ հայութիւնը կրթական առումով ունի ծանր պայմաններ, քանի որ նոյնիսկ գիրքերու մուտքը արգիլուած է, ուսուցչական առումով մարդուժ չկայ եւ դժուարութիւնները շատ են, հակառակ անոր որ հայութեան մօտ հայկական դպրոց ունենալու եւ հայերէն սորվելու ու սորվեցնելու կամքը ուժեղ է: Իսկ Ռուսիոյ իրավիճակին գծով Կիւլամիրեան ըսաւ, որ այդտեղ բոլոր պայմանները կան, բայց ընդհանրապէս չկան ամէնօրեայ դպրոցներ, ինչ որ շատ մտահոգիչ է:
Դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան ըսաւ, որ Ռուսիոյ մէջ հայութեան ցրուած ըլլալուն պատճառով գաղութը համախմբուած չէ: Իսկ Հայաստանի մանկավարժական մասնագիտական մակարդակին մասին խօսելով` Կիւլամիրեան վստահեցուց, որ Հայաստանի կրթական կառոյցները կազմակերպուած եւ մնայուն կերպով կը հետեւին բոլոր կրթական նորարարութիւններուն, որպէսզի քայլ պահեն բոլոր զարգացումներուն հետ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ