Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2010 - Գուսա եպիսկոպոսը կը բանախօսէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին մասին

 

Գահիրէ

 

Կիրակի, 28 նոյեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան բանախօսեց Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին մասին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ հոկտեմբեր ամսոյն, Գահիրէի սուրբ Թերեզայի Յիսուս Մանուկ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից գնտուող հոգեւոր ուսումնասիրութիւններու եւ հովուական տեսչութիւններու կեդրոնին մէջ։ Բանախօսութենէն ետք, թեմի առաջնորդ հայրը պարգեւատրեց պրն. Րուբէն Մուրատ Նալպանտեանը, իր ծառայութիւններուն համար որ կատարած է Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ բարեգործական միութեան։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ