Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2008 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Մասնակցեցաւ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Եզրափակիչ Պատարագին

Վատիկան, Իտալիա

Կիրակի 26 Հոկտեմբեր 2008ին, առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Ս.Պետրոս Պազիլիքայի մէջ հանդիսաւոր համապատարագով եզրափակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական 12-րդ Սիւնհոդոսի աշխատանքները որ տեղի ունեցան Վատիկանի մէջ, Հոկտեմբեր 5-էն 26: Սիւնհոդոսի նիւթն էր « Ս. Գիրքը Եկեղեցւոյ Կեանքի ու Առաքելութեան Մէջ»: Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին 326 հայրեր, որոնց 52-ը կարտինալներ են, եւ 14-ը արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներ, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Պատարագին մասնակցողներու մէջ կային նաեւ 45 արքեպիսկոպոսներ, 130 եպիսկոպոսներ եւ 85 քահանաներ:

Ս. Գրային ընթերցումէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայպետը Իր  քարոզին մէջւ, « Տիրոջ Խօսքը, որ այժմ ունկնդրեցինք մեզի կը յիշեցնէ որ աստուածային Օրէնքը կ՛ամփոփուի սիրոյ բառին մէջ: Աւետարանը ի յայտ կը դնէ թէ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալը կը նշանակէ գործադրել Անոր ուսուցումը, որ կը համառօտուի սիրոյ պատուիրանով: Քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան կեանքին մէջ կը տեսնենք գործադրութիւնը սիրոյ պատուիրանին: Պօղոս Առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներու ուղղած առաջին թուղթին մէջ կը կարդանք. դուք սկսաք մեզի նմանիլ, մեզի եւ Տիրոջ, ընդունելով խօսքը, բազմաթիւ նեղութիւններու մէջ, Սուրբ Հոգիէն տրուած ուրախութեամբ, եւ այսպէս օրինակ հանդիսացաք Մակեդոնիայի եւ Աքաիոյի բոլոր հաւատացեալներուն: Արդարեւ ձեր քովէն հնչեց Աստուծոյ խօսքը եւ ձեր հաւատքն առ Աստուած ծաւալեցաւ ոչ միայն Մակեդոնիա եւ Աքայիա, այլ՝ նաեւ բոլոր կողմերը, այնպէս որ ալ կարիք չունինք այս մասին բան մը ըսելու: Թեսաղոնիկեցիներու այս փորձառութենէն, կարելի է հետեւեալ դասը քաղել թէ եղբայրասիրութիւնը կու գայ անսալով Աստուածոյ խօսքը, հետեւաբար, որքան կարեւոր է անսալ ու ապրիլ Աստուծոյ խօսքը մեր անհատական ու հասարակական կեանքին մէջ:    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ