Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2009 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Սեպուհ Մխճեանը

Լիբանան
 

Շաբաթ՝ 18 Ապրիլ 2009-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Պէյրութ Ա. ընտրաշրջաի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու՝ Սեպուհ Մխճեան: Ծանօթացման այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին եւ այդ ծիրէն ներս եղաւ կարծիքներու փոխանակում:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց վերջերս Լիբանանեան մամուլի մէջ լոյս տեսած իր կեցուածքը, որ ինք կը մնայ հաւասար հեռաւորութեան վրայ բոլոր թեկնածուներէն,անհրաժեշտ նկատելով երկրին խաղաղութեան պահպանումը, միշտ կառչած մնալով այն ազգային հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնց շուրջ լիբանանի ժողովուրդը իր միասնականութիւնը կրնայ արտայայտել:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ