Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2007 - Հայրապետական Պատգամ Եւրոպայի Հայոց Երկրորդ Համագումարի Մասնակիցներուն

 

Եւրոպական խորհրդարանի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման 20րդ տարեդարձին առթիւ, Եւրոպայի հայերու կազմակերպութիւնը հրաւիրած է սփիւռքահայ կարկառուն դէմքերը մասնակցելու համագումարի մը որ տեղի պիտի ունենայ 15էն 16 Հոկտեմբեր 2007ին, Պրիւքսէկի մէջ: Եւրոպայի հայերու այս երկրորդ համագումարին մասնակիցներուն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը.  

Յարգարժան մասնակիցներ
Եւրոպայի Հայոց Երկրորդ Համագումարին
Պրիւքսել

Ուրախ ենք այսօր այս պատկառազդու ժողովավայրին մէջ համախմբուած տեսնելով աշխարհի խիղճը անհանգստացնող խնդիրներ քննարկելու եւ լուսարձակի տակ բերելու հրաւիրուած անձնաւորութիւններ: Մարդիկ որոնց նմանները համաշխարհային խղճին զարթուցիչն են եւ պիտի շարունակեն ըլլալ այնքան ատեն որ Արդարութեան, ընկերային հաւասարութեան, ժողովուրդներու ու մարդու իրաւունքներու անտեսումին ու ոտնահարումի մասին անոնց հնչեցուցած կոչերն եւ ահազանգը պէտք եղած արձագանգը չեն գտած: Մարդիկ որոնք մարդկութեան խղճի խօսափողներն են: Մարդիկ որոնք արժանի են արդարատենչ ժողովուրդներու յարգանքին ու մեծարանքին:
Ինչպէս ցոյց կու տայ այս Համագումարին այնքան բծախնդրութեամբ նախապատրաստուած օրակարգը, անգամ մը եւս հրաւիրուած էք, վստահ ենք, ճշմարտութեան հետամուտ մարդու վայել իմաստութեամբ, անկեղծութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ մասնագիտութեամբ արծարծելու ոչ միայն Հայ ժողովուրդին անժամանցելի դատն ու իրաւունքները, այլ աշխարհը տագնապեցնող խնդիրներ:
Հրաւիրուած էք միջազգային հանրային կարծիքին եւ մարդու ու ժողովուրդներու իրաւունքները տնօրինել ու պաշտպանել յաւակնող միջազգային մարմիններուն անգամ մը եւս եւ մշտապէս լսեցնելու ձեր արդարահունչ ձայնը, որպէս արձագանգը ոչ միայն Հայ ժողովուրդի այլ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու պահանջատիրութեան, որպէսզի մարդկութեան խնայուի Հայոց Ցեղասպանութեան նման ողբերգութիւններու կրկնութիւնը:
Հրաւիրուած էք ձեր ճշմարտութեան հետամտութեամբ վարակելու այն բոլոր մարդիկը որոնք օրն ի բուն կը ճառեն արդարութենէն եւ միջազգային իրաւունքէն, առանց իրենց խօսքերը համապատասխանեցնելու իրենց գործին, կամ առանց կարենալ իրագործելու իրենց բարի խոստումները, որովհետեւ կաղ են ու թերի այն արդարութիւնը եւ իրաւունքը որ հիմնուած չեն ճշմարտութեան վրայ, աղաւաղուած ու խարդախուած է այն արդարութիւնը կամ իրաւունքը որուն մեկնակէտը ճշմարտութիւնը չէ, Տիրոջ կողմէ մարմնաւորուած ճշմարտութիւնը, որ աղբիւրն է անաղարտ արդարութեան եւ անառարկելի իրաւունքին: Այն ճշմարտութիւնը որուն ներգործութեամբ միայն կրնայ հանգստանալ միջազգային խիղճը: Այն ճշմարտութիւնը որ պէտք է առաջնորդէ իր հո•ւոյն եւ խղճին հանգստութիւնը փնտռող ամէն պետական ու քաղաքական մարդու կամ հասարակական գործիչի գործունէութիւնը:
Ուրանալ ճշմարտութիւնը կը նշանակէ ժխտել այն բոլոր հոգեւոր, մարդկային ու բարոյական արժէքները որոնք գրաւականն են խաղաղութեան ու երջանկութեան, ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան:
Զուր են ճշմարտութիւնը նենգափոխելու, մոռացութեան տալու կամ նոյնիսկ զայն թաղելու փորձերը ինչքան ալ հնարամիտ եւ հզօր ըլլան կամ պետական հովանաւորութիւն վայելեն այդ փորձերուն հեղինակները, որովհետեւ ճշմարտութիւնը անմեռ է, ան ուշ կամ կանուխ գլուխը կը ցցէ նոյնիսկ հողին տակէն, ինքզինք կը պարտադրէ եւ կը դառնայ սարսափը զինք թաղել փորձողներուն:
Պարապ գերեզմանին առջեւ կանգնած, իւղաբեր կանանց կողքին, «ողջը մեռելներուն մէջ փնտռող» առաքեալները զօրացան ի տես եւ ի լուր գերագոյն Ճշմարտութեան, որ Քրիստոսի Յարութիւնն էր: Մինչ այդ, անզէն եւ անպաշտպան առաքեալները, որոնք յուսալքուած թափառականներ դարձած էին կորսնցնելէ ետք իրենց Տէրը, կերպարանափոխուեցան, հզօրացան, ճշմարտութիւնը զէնք ու վահան դարձուցած՝ արշաւեցին աշխարհի բոլոր կողմերը ապահով յաղթանակի տեսիլքով:
Այդ յաղթանակին վկաներն ենք այսօր մենք, 1706ամեայ Քրիստոնեայ Հայ Ազգը: Ան ճշմարտութեան յաղթանակին հաւատացող ժողովուրդ է: Ճշմարտութիւնը անջնջելի է անոր յիշողութենէն եւ ան կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Այդ ճշմարտութիւնը իր հզօրագոյն զէնքն է որմէ կը սարսափին զայն ուրացողը եւ խեղաթիւրողը, որովհետեւ ճշմարտութիւնը ժամանակին դիմադրող անպարտելի ուժ է:
Պատիւ Ձեզի, սիրելի մասնակիցներ Եւրոպայի Հայոց Երկրորդ Համագումարին, որովհետեւ դուք դրօշակակիրներն էք այդ ճշմարտութեան եւ Մեզ ու Մեզի հետ բոլոր արդարամիտ մարդիկը պիտի •տնէք ձեր կողքին:
Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ կը հայցենք Տիրոջմէ իր օրհնութիւնը եւ հովանին անպակաս ընել ձեր վրայէն եւ յաջողութեամբ պսակել ձեր վեհ աշխատանքը:   

Հայրական Օրհնութեամբ՝           
   
 Ներսէս Պետրոս ժԹ.
 Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

 
 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ