Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 - Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին հետ

Վատիկան

 
Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին տարեսկիզբի աւանդական հանդիպումը  Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին հետ։ Հանդիսաւոր այս ընդունելութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ օրհնանքներով եւ խաղաղութեամբ հարուստ տարուան մը իր բարեմաղթանքները ներկայացուց  դիւանագիտական անձնակազմի անդամներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեան, անոնց ընտանիքներուն եւ անոնց կողմէ ներկայացուած Իշխանութիւններուն ու ժողովուրդներուն։ Ան միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանագիտական մարմնի երիցագոյն անդամ Ժան Գլօտ Միշելին, որ ներկաներուն անունով  վկայութիւնը տուաւ իւրաքանչիւր երկրի սիրալիր ու յարգալիր յարաբերութիւններուն Սուրբ Աթոռին հետ։

Այնուհետեւ, Քահանայապետը նշեց որ անցնող տարին հարուստ եղաւ ոչ միայն Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այլ նաեւ  Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Սուրբ Աթոռի յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս։
 
Մէջբերելով Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան իր պատգամը, որ նուիրուած էր  եղբայրութեան՝ իբրեւ խաղաղութեան հիմ ու ճանապարհ, Պապը ընդգծեց որ «սովորաբար, մարդ եղբայրութիւնը կը սկսի սորվիլ ընտանիքին մէջ, որ կոչուած է իր սիրով շահելու աշխարհը եւ նպաստելու  հասունացման ծառայութեան ու բաժնեկցութեան  ոգիին, որ կը կերտէ  խաղաղութիւնը։ Ասիկա է որ մեզի ցոյց կու տայ մսուրը, ուր  Սուրբ Ընտանիքը կը տեսնենք ոչ թէ առանձին եւ աշխարհէն մեկուսացած, այլ շրջապատուած հովիւներով ու մոգերով, այսինքն բաց հասարակութիւն մը, ուր տեղ կայ բոլորին համար, աղքատին ու հարուստին, մերձաւորին ու հեռաւորին»։ «Ընտանիքի լեզուն խաղաղութեան լեզու մըն է» ըսաւ ան կրկնելով իր նախորդին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ին կատարած հաստատումը։ Ան ըսաւ որ դժբախտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը այսօր, որովհետեւ բաժնուած ու պառակտուած ընտանիքներու թիւը կ՚աճի՝ նաեւ ապրուստի դժուարին պայմաններուն պատճառով։  Հետեւաբար, ընտանիքին թիկունք կանգնող, անոր նպաստող եւ զայն ամրացնող քաղաքականութիւններ անհրաժեշտ են։
 
Պապը ցաւ յայտնեց որ տարեցները յաճախ բեռ մը կը նկատուին, իսկ երիտասարդները իրենց դիմաց չեն տեսներ իրենց կեանքին համար ապահով հեռանկարներ։ Մինչդեռ, ընդհակառակը,  - ըսաւ Ան - երէցները եւ երիտասարդները մարդկութեան յոյսն են։ Առաջինները մեզի կ'ընծայեն  իրենց փորձառութիւնը, իսկ վերջինները մեր առջեւ կը բանան ապագան։ Վառ պահելու համար ժողովուրդի մը յիշողութիւնը՝ պէտք չէ տարեցները դուրս ձգել ընկերային կեանքէն։ Միաժամանակ  պէտք է ներդրումներ կատարել ի նպաստ երիտասարդներուն՝  այնպիսի նախաձեռնութիւններով որոնք կ՚օգնեն անոնց աշխատանք գտնելու եւ ընտանեկան օճախ մը հիմնելու։ Պէտք չէ մարել անոնց խանդավարութիւնը։ Այս մասին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերյիշեց այն փորձառութիւնը զոր ապրեցաւ  Ռիօ Տը Ժանեյրոյի 27-րդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին՝ անոնց աչքերուն եւ աղօթքներուն մէջ տեսնելով  ինչքա՜ն յոյս եւ ակնկալիք, կեանքի ծարաւ եւ ուրիշներուն բացուելու ցանկութիւն։
 
Շեշտելով դէպի ուրիշը երթալու, ուրիշին հանդիպելու եւ բացուելու մշակոյթին կարեւորութիւնը որպէսզի չկրկնուին անցեալ տարուան ընթացքին մեր աչքերուն առջեւ պարզուած աւերի ու մահուան պատկերները, որոնք հետեւանքն են ինքն իր վրայ կծկուածութեան,  նախանձի, եսասիրութեան, մրցակցութեան, իշխանութեան ու դրամի ծարաւին՝ տիրապետելու տենչով։ Մինչդեռ ընդհակառակը, Ծնունդը մեր՝ քրիստոնեաներուս մէջ կը հաստատէ վստահութիւնը որ վերջին ու  վերջնական խօսքը կը պատկանի Խաղաղութեան Իշխանին, որ  «եսասիրութիւնը կը վերածէ ինքնանուիրումի եւ վրէժխնդրութիւնը՝ ներողամտութեան»։
 
Ըսելէ ետք որ այս վստահութեամբ կ՚ուզէ նայիլ սկսող տարուան, Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար անդրադարձաւ մարդկութիւնը տառապեցնող ու տագնապեցնող հակամարտութիւններուն, սկսելով Միջին Արեւելքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն, որուն խաղաղեցման ի նպաստ իր նախաձեռնութիւնները թուելէ ետք, յոյս յայտնեց որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը վերջ կը գտնէ եւ սուրիացի տառապահար ժողովուրդը կը մտնէ խաղաղեցման ճանապարհին մէջ։ Ան շեշտեց  սուրիացի ժողովուրդին ամէն ձեւով եւ շտապ  կերպով օգնելու հրամայականը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն, յատկապէս Լիբանանին եւ Յորդանանին, որոնք իրենց հողերուն վրայ հիւրընկալեցին սուրիացի գաղթականները։

Քահանայապետը յատուկ  մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական դժուարութիւններուն, շեշտելով լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր բաղկացուցիչներուն եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ առաջքը առնելու համար կացութեան ծանրացումին որ կրնայ առաջնորդել երկրի կայունութեան ականահարումին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Եգիպտոսը, Իրաքը եւ Իրանը յուզող իրադարձութիւններուն, Իսրայէլ-պաղեստինցիներ բանակցութիւններուն՝  շեշտելով երկխօսութեան դիւանագիտական ճանապարհին կարեւորութիւնը որպէս հակամարտութիւններու եւ տագնապներու յաղթահարման եւ արդար լուծումներու որոնումի միջոց՝ միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ։

 Ֆրանչիսկոս Քահանայապետըիր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց նաեւ  Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն քրիստոնեաներու արտագաղթի մասին, հաւաստիացնելով որ անոնք  կը ցանկան աշխատիլ բարիքին համար այն հասարակութիւններուն, ուր կ՚ուզեն լիովին համարկուիլ իբրեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կերտիչներ։ Ան յիշատակեց մասնաւորաբար  Նիճերիոյ ընդարձակ շրջանները ուր անմեղներու արիւնը կը շարունակէ թափուիլ, ապա՝  Կեդրոնական ափրիկեան Հանրապետութիւնը, ուր ժողովուրդը կը շարունակէ տառապիլ մահ ու աւեր սփռող տագնապներուն հետեւանքով։ Ան կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան օգնելու որպէսզի դադրին բռնութիւնները, վերահաստատուի իրաւունքի կարգավիճակը եւ երաշխաւորուի մարդասիրական օգնութիւններու առաքումը եւ յայտնեց որ Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի շարունակէ առատաձեռնութեամբ հայթայթել հնարաւոր ամէն օգնութիւն բնակչութեան եւ մանաւանդ վերահաստատելու համար հաշտութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտ մը։ Ան այսպիսի մթնոլորտ մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց նաեւ Մալիի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ։
 
Պապը ըսաւ որ Սուրբ Աթոռը մեծ ուշադրութեան կը հետեւի նաեւ Ասիտոյ իրադարձութիւններուն, եւ Եկեղեցին կ՚ուզէ բաժնել այս ընդարձակ ու ազնուական ցամաքամասի բոլոր ժողովւրդներուն ուրախութիւններն ու ակնկալութիւնները։ Յիշատակելով  Քորէայի Հանրապետութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց 50 ամեակը, Ան խնդրեց Աստուծմէ հաշտութեան շնորհքով օժտել այս ցամաքամասը եւ մաղթեց որ  քորէացի ամբողջ ժողովուրդի բարիքին համար առնչակիչ կողմերը չյոգնին որոնելէ հանդիպման կէտերը եւ հնարաւոր լուծումները։ 
 
«Խաղաղութիւնը վիրաւորուած է մարդկային արժանապատուութեան կարգ մը ժխտումներուն պատճառով եւ առաջին հերթին բաւականաչափ սնունդ ստանալու անկարելիութեան պատճառով»  ըսաւ Քահանայապետը, շարունակելով.- «Անօթութենէ տառապող այնքան մարդոց եւ մանաւանդ մանուկներուն դէմքերը չեն կրնար անտարբեր ձգել մեզ, երբ կը մտածենք  այնքա՜ն վատնուած ուտելիքի մասին աշխարհի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ, որոնք  թաղուած են «մնացորդի մշակոյթ»ին մէջ, ինչպէս  բնորոշեցի բազմաթիւ անգամներ։ Դժբախտաբար, միայն ուտելիքը եւ աւելորդ ինչքերը չէ որ մնացորդ կը դառնան,  այլ յաճախ նոյնինքն մարդ արարածներ, որոնք «կը թափուին» ոչ-անհրաժեշտ իրերու նման»։ Այս մասին, Պապը յիշատակեց յատկապէս վիժումի զոհ մանուկները եւ այն մանուկները որոնք իբրեւ զինուոր կ՚օգտագործուին, զինեալ ընդհարումներու զոհ կը դառնան»։
 
Վերյիշելով  Լամբետուզա կղզին կատարած այցելութիւնը Յուլիսին, աղօթելու համար Միջերկրականի բազմաթիւ նաւաբեկեալներուն համար, Քահանայապետը քննադատեց  նման ողբերգութիւններուն դիմաց ցուցաբերուած ընդհանուր անտարբերութիւնը, ասիկա նկատելով «եղբայրական պատասխանատուութեան իմաստի կորուստին հետեւանքը» նշելով որ Լամբետուզայի մէջ տառապանքի կողքին տեսած է նաեւ անձնուիրում ու սէր։

Հուսկ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ կ՚ուզէ յիշատակել խաղաղութեան դէմ ուրիշ վիրաւորանք մը, որ հետեւանքն է  կենսոլորտային աղբիւրներու ընչաքաղձ շահագործումին։ «Եթէ նոյնիսկ բնութիւնը մեր տրամադրութեան տակ է - ըսաւ Ան - շատ յաճախ զայն չենք յարգեր եւ զայն չենք նկատեր ձրի պարգեւ մը, որուն պէտք է հոգ տանինք»։ Ան յիշեցուց ամէն անհատի պատասխանատուութիւնը հանդէպ բնապահպանութեան։
 
Իր երկարաշունչ ճառի վերջաւորութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց  Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի այն խօսքը թէ «խաղաղութիւնը չամփոփուիր պատերազմի բացակայութեան մէջ, որ արդիւնքն է  ուժերու միշտ անկայուն հաւասարակշռութեան։ Այլ ան կը կերտուի օր ըստ օրէ,  համաձայն Աստուծոյ կողմէ ցանկացուած կարգի մը, որ կ՚առաջնորդէ  մարդոց միջեւ աւելի կատարեալ արդարութեան մը»։ Ահա այս ոգիով է որ - շարունակեց Ան - Եկեղեցին կը գործէ աշխարհի բոլոր կողմերը՝ քահանաներուն, միսիոնարներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն միջոցով, որոնք ի մէջ այլոց կրթական, առողջապահական եւ օգնութեան բազմաթիւ ձեռնարկներու ընդմէջէն  մեծ նուիրումով կը ծառայեն աղքատներուն, հիւանդներուն, որբերուն եւ բոլոր անոնց որոնք օգնութեան եւ սփոփանքի  կարիքը ունին։ Այսպիսի սիրալիր ուշադրութեամբ, Եկեղեցին կը գործակցի բոլոր այն հաստատութիւններուն հետ, որոնք կը գործեն ի խնդիր անհատներու եւ հասարակաց բարիքին, հաւաստիացուց Նորին Սրբութիւնը, եւ  իր ճառը եզրափակեց ըսելով.-  «Այս նոր տարուան սեմին, կ՚ուզեմ վերանորոգել Սուրբ Աթոռին պատրաստակամութիւնը համագործակցելու ձեր երկիրներուն հետ ամրապնդելով այն եղբայրական կապերը որոնք  ցոլացումն են Աստուծայ սիրոյն եւ հիմը՝ համերաշխութեան ու խաղաղութեան»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ