Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2012 - Իրանի Սուրբ Թաթէի հայկական վանքին շնորհուած Եունեսքոյի Հռչակագիրը


Իրան

Սուրբ Թադէի հայկական վանքին մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագի մատուցումէն ետք, Ատրպատականի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ գերպ. Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Եունեսքոյի Իրանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Սէյիտ Ապատիի ձեռամբ հանդիսաւորապէս ստացաւ Սուրբ Թադէի վանքին տրուած Եունեսքոյի հովանաւորութեան հնամեակի հռչակագիրը։ Դոկտ. Ապատի խօսք առնելով վերահաստատեց Եունեսքոյի հովանաւորութիւնը, որուն հնամեակը լրացած է արդէն։ Չիֆթճեան սրբազանը  ստանձնելով միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը հաստատող փաստաթուղթը, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն։ Օտար մասնագէտները եւ Եունեսքոյի պաշտօնական հիւրերը մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան Սուրբ Թադէի վանքէն, մի անգամ եւս վկան դառնալով հայ ժողովուրդի խոր հաւատքին, որ քարերու լեզուով եւս արտայայտութիւն գտած էր, լեռնային ու քարահունչ մեր երկրին մէջ իրար ետեւէ դէպի երկինք խոյացնելով գմբէթները աստուածապաշտութեան մեր տաճարներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ