Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014 - Գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեանի հարցազրոյցը «Zenit.org»-ին հետ

Հռոմ

25 Ապրիլ 2014-ին Զենիթ (Zenit.org) եկեղեցական հաղորդամիջոցը հարցազրոյց մը հրատարակեց իր կայքին վրայ Գերյարգելի հայր Գէորգ ԾՎ Նորատունկեանի հետ, որ Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի տեսուչն է: Ան կը խօսի Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ կատարուած վերջին յարձակումին եւ  հայութեան կրած հետեւանքներուն մասին՝  Սուրիոյ պատերազմի շրջագիծէն ներս։

Ահա յառաջաբանը եւ հարցազրոյցը:

Քեսապը՝ Սուրիոյ փոքր մէկ քաղաքն է, թրքական սահմանին վրայ, ուր միշտ ապրած է հայկական փոքր համայնք մը։  Խաղաղութեան եւ հանդարտութեան խորհրդանիշ մըն է ան՝  ազատ կացուցուած ըլլալով զինուորական ամէն ներկայութենէ։ Առանձնայատկութիւն մը՝ որ բացառիկ գեղեցկութեամբ օժտուած այս հայաբնակ քաղաքը փրկեց տագնապի սկիզբէն ի վեր երկիրը հարուածող արցունքներէն եւ աղէտներէն։ Սակայն վերջերս պատահեցաւ բան մը եւ մէկ օրուան մէջ ամէն բան փոխուեցաւ։

24 Ապրիլին, Հայ ժողովուրդը կը նշէ 1915-ին թրքական կառավարութեան կողմէ գործուած եւ Անգարայի կողմէ երբեք չճանչցուած Հայոց Ցեղասպանութեան օրը։ Եւ այսօր, զոհերը եւ անոնց հեղինակները կը  յիշուին։

Զրուցեցինք գերյարգելի հայր Գէորգ Նորատունկեանին հետ, որ Հալէպի ծնունդ է, եւ տեսուչն է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին։


- Ի՞նչ  պատահեցաւ Քեսապի մէջ։
Քեսապի մէջ կ'ապրին շուրջ 650 ընտանիքներ, բոլորն  ալ հայեր։ Հանդարտ աւան մըն է, ուրկից փախան այդ ընտանիքները եւ անոնցմէ շատեր ապաստանեցան ազգականներու եւ բարեկամներու մօտ։ 23 Մարտի առաւօտեան ժամը 5-ի շուրջ, մարդիկ լսեցին զինուորական օդանաւերու աղմուկը։ Գիտէին թէ բան մը պիտի պատահէր։ Յանկարծ լեռներէն լսուեցան աղաղակներ եւ «ալլահ աքպար» պոռալով  քաղաքը խուժող մարդոց ձայներ։ Անմիջապէս ահազանգ հնչեցուցին եւ մարդիկ սկսան փախչիլ հնարաւոր բոլոր միջոցներով,  իրենց գիշերազգեստներով, առանց փաստաթուղթերու, իրենց ետին ձգելով ամէն բան։ Ապաստանեցան դրացի Պաղճաղաճ գիւղի հայկական վանքին մէջ։ Տեղւոյն վրայ մնացին քանի մը հոգիներ միայն, մանաւանդ տարեցներ  եւ հաշմանդամներ, որոնք չէին կրնար տեղափոխուիլ։  Յարձակումը կատարողներուն մէջ կային  կռուողներ որոնք արաբերէն չէին խօսիր, հաւանաբար չէչէններ էին կամ Պալքաններէն, մինչեւ ատամները զինուած, եւ ոչ միայն սովորական զէնքերով, այլ զրահապատ կառքերով։ Մտան տուներ, թալանեցին, սրբապղծեցին եկեղեցիները։ Այս բոլորը՝ մէկուկէս ժամուան մէջ։

- Հայ համայնքին կողմէ բուռն հակազդեցութիւն  մը տեղի ունեցա՞ւ։
Հայերը շատ ուժեղ հակազդեցութիւն մը ունեցան, որովհետեւ այս դէպքը իրենց կը յիշեցնէր այն վիշտն ու տառապանքը զոր ապրեցան Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով, որ խլեց մէկ ու կէս միլիոն զոհեր եւ բազմահարիւր հազարաւոր ուրիշներ տարագրուեցան. ասոնց մէջ կային ասորիներ, քաղդէացիներ եւ քրիստոնեայ  այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ. Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ հանգրուաններով սկսեալ 1880-էն։ 24 Ապրիլը ցեղասպանութեան տարելիցն է, որովհետեւ 1915-ի այդ օրը օսմանցի թուրքերը ձերբակալեցին հայ մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գեղանկարիչներ եւ գրողներ, եւ բոլորը միասին սպաննեցին։ Այն ինչ որ կատարուեցաւ Քեսապի մէջ՝ չենք կրնար հաւատալ որ կրնար կատարուիլ  առանց Թուրքիոյ  մեղսակցութեան։ Եթէ ներխուժողները հինգ կամ եթէ նոյնիսկ յիսուն հոգիներ ըլլային, կրնային աննշմար անցնիլ եւ նոյնիսկ կասեցուիլ։ Սակայն, անկարելի էր չնշմարել ծանր զէնքերով զինուած այնքան բազմաթիւ զինեալներու թափանցումը, մանաւանդ որ այս յարձակումը կատարուեցաւ Թուրքիոյ օդանաւային ուժերու պաշտպանութեան ներքեւ, ինչպէս որ ցոյց տուաւ սուրիական օդանաւի մը խորտակումը։

Սուրիոյ ողբերգութենէն առաջ, կատարեալ լռութիւն մը կը տիրէր։ Մեղսակցութի՞ւն էր թէ՞ անտարբերութիւն։ Կաթողիկէ լրատուամիջոցներէն մի քանիները միայն տեղ տուին դէպքին։ Անձնապէս  Քեսապի մասին արձագանգներ չնկատեցի։  Մարդիկ հաւանաբար ուրիշ հաշիւներ ունին, շահեր եւ ուրիշ արժէքներ։ Այն տպաւորութիւնը կը տիրէ որ Եւրոպան  մարդասիրական հարցը կ'օգտագործէ միայն իր սեփական շահերուն համար։ Որոշ պարագաներուն,  մէկ հոգի անգամ կþարժանանայ  օգնութիւններու, բարդ եւ արհեստագիտական միջամտութիւններու։ Մինչ ուրիշ պարագաներուն ամբողջ քաղաք մը կրնայ աւերուիլ, կործանուիլ եւ իր բնակիչներէն պարպուիլ առանց  որեւէ հակազդեցութիւն յառաջացնելու։ Սուրիական տագնապին կապակցութեամբ,  Եւրոպայի քաղաքականութիւնը դժուար հասկնալի է մեզի համար։ Խստագոյն պատիժներ կը սահմանուին կարգ մը շրջաններու մէջ մէկ կամ երկու հոգիներու մահուան համար, մինչ անտարբերութեամբ կը դիտուին բազմահարիւր զոհեր տարբեր մարզերու մէջ, ուր Եւրոպան կը գոհանայ նստելով եւ զոհերուն թիւը հաշուելով։ Արեւմուտքին համար նաեւ նուաստացուցիչ է ահաբեկչական եւ ճիհատական ոճիրներն ու  աւերը ներկայացնել  իբրեւ ժողովրդավարական յեղափոխութիւն։ Արեւմուտքը կը նախընտրէ խուսափիլ այդ մասին խօսելէ, թերեւս  որովհետեւ ուքրանական խնդիրը ուշադրութիւնները շեղեցուց սուրիական տագնապի վրայէն։ Միւս կողմէ, բազմաթիւ սուրիացիներ հասկցան նենգութիւնը եւ ծաւալը ծուղակին, որուն մէջ կը գտնուին։

- Հալէպը հանապազօրեայ Խաչի  Ճանապարհ մըն է։  Ի՞նչ տեղի ունենալու վրայ է հոն։
Հայ համայնքին ներկայութիւնը Հալէպ երեք դարու պատմութիւն ունի, 1700-էն սկսեալ, սակայն  անոր թիւը զգալիօրէն աւելցաւ  Հայոց ցեղասպանութենէն ետք վերապրողներու  ժամանումով։ Ներկայ հակամարտութեան մէջ, հայ համայնքը  փորձեց խուսափիլ կողմ ըլլալէ՝ դատապարտելով զէնքերու գործածութիւնը։ Դժբախտաբար, սակայն,  հայկական շրջանները կը գտնուին հակամարտութիւններուն կեդրոնը եւ յաճախ իշխանամէտ գօտիներ նկատուելով կը թիրախաւորուին մասնաւորաբար օտար՝ չէչէն կամ աֆղան արաբներու կողմէ, որոնք ոչ մէկ գաղափար ունին Հալէպի պատմութեան, ինքնութեան եւ կազմութեան մասին։ Վերջին օրերուն, կարեւոր կորուստներ կրած ըլլալով, կռուողները դէմ յանդիման կը գտնուին երկու ընտրանքի՝  կա՛մ յարձակիլ, ինչ որ բարդ է, կամ փախչիլ՝ ինչ որ անկարելի է։ Հետեւաբար, անոնք իրենց զայրոյթն  ու պատրանաթափութիւնը կը զգացնեն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող ամէն ինչով հարուածելով բնակութեան գօտիները, ուր կþապրին անպաշտպան քաղաքայիններ։


- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սուրիոյ հայկական գաղութի ապագան։
Հայերը խաղաղասէր ժողովուրդ են,  խելացի եւ աշխատասէր։ Հոն ուր կ'երթան իրենց հետ կը տանին երկու երկիրներու պատկանելիութիւններ. պատկանելիութիւնը այն երկրին որ զիրենք ընդունած է եւ ուր կ'ապրին, եւ պատկանելիութիւնը իրենց արմատներուն, անոր մշակոյթին ու պատմութեան։ Հայերը շատ մօտիկ են Սուրիոյ, զոր կը կոչեն «մայր գաղութ», առաջին երկիրը որ անհուն սիրով եւ առատաձեռնութեամբ զիրենք ընդունեց եւ որդերեց ցեղասպանութեան ժամանակ։  Այսօր  սուրիահպատակ հայերուն կէսը մեկնած է երկրէն, սակայն բոլորն ալ վճռած են վերադառնալ անմիջապէս որ պատերազմը վերջ գտնէ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ