Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2010 - Մարոնիթ եպիսկոպոս Պէշարա Րաաիի այցը Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարան


Հռոմ, Իտալիա

Շաբաթ, 29 Մայիս, 2010ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարան այցելեց Լիբանանի Ճըպէյլ քաղաքի Մարոնիթ եպիսկոպոս Պէշարա Րաաիի:

Վարժարանի մուտքին ընդունուելէ ետք վարժարանի փոխ տեսուչ՝ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեանի կողմէ, անոր ընկերակցութեամբ եպիսկոպոս հայրը առաչին հերթին այցելեց Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին մօտէն ծանօթանալով անոր պատմութեան մասնաւորապէս հռոմի հայ գաղութի պատմութեան:

Ապա, ան անմիջապէս ուղղուեցաւ վարժարանի ճաշասրահ ուր զինք կը սպասէին վարժարանի ժառանգաւորները:


Օրուան հացը վարժարանի ժառանգաւորներուն հետ բաժնելէ ետք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կենացը խմելէն ետք, բոլորը ուղղուեցան դէպի հիւրասրահ ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսին հետ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արեւելքի համար յատուկ սինհոդոսի պատրաստութեան գործերուն ու անոր հեռաւոր ու մօտակայ նպատակներուն ու ապա պատասխանեց ժառանգաւորներուն հարցումներուն Լիբանանի քրիստոնեաներուն, քրիստոնեայ ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ արեւելքի ընդհանուր քրիստոնեաներու վիճակին նկատմամբ:

Վարժարանի զանազան բաժիններու այցելութենէն ետք, Եպիսկոպոսը մեկնեցաւ մեծ գոհունակութեամբ մաղթելով փայլուն ապագայ եւ համագործակցութիւն ի շահ Քրիստոսի Եկեղեցիին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ