Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Ո՞վ Է Ասիկա, Որուն Կը Հնազանդին Հովն Ու Ծովը…»


Սիրելի՛ ընթերցող, մօտ երկհազարամեայ հնութիւն ունի այս հարցադրումը եւ սակայն յարակայ նորութեամբ ու այժմէականութեամբ օժտուած է:
Այս հարցումը ուղղուած պահէն մինչեւ ներկայ պահը բիւրիցս կրկնուած է ան.«Ո՞վ է ասիկա, որուն կը հնազանդին հովն ու ծովը» (Մտթ. 8,27):
Դարերու ընթացքին` պարզամիտ եւ մեծախոհ, անգէտ ու զարգացած, աստուածաբան ու փիլիսոփայ, հաւատացեալ եւ անհաւատ, աշխարհական ու հոգեւորական անհատներ միշտ հարցուցած են.«Ո՞վ է արդեօք ասիկա, որ կը հրամայէ հովին ու ծովին, եւ կը հնազանդին անոր» (Ղկ. 8,25):
Դարե՜ր, մարդե՜ր, հարցադրումնե՜ր, եւ այն` ի հեճուկս սուրբգրային ու պատմական պատասխանին մշտահունչ առկայութեան և ճշմարտացիութեան.«Օծեալն է, Մեսիան է, Նազրովրեցին է, Մարդու Որդին է, Աստուծոյ Որդին է, Յիսուս Քրիստոս, որ Սեփականատէրն է յաւիտենականութեան, Արարիչն է տիեզերքին, Տէրն է ժամանակին, Իշխանն է պատմութեան եւ Աստուածամարդը, որ հանդիսացաւ ու կը հանդիսանայ մարդկութեան Քարոզիչը, Վարդապետը, Հրաշագործը, Խաղաղարարը, Ուրախութիւնը, Սէրը, Լոյսը, Կեանքը, Ճշմարտութիւնը, Շնորհքը, Ճանապարհը, Յարութիւնը, քանի դարձաւ եւ կը դառնայ հոգիներուն մարդասէր Խաչեալը, Փրկիչը, Ազատարարը, Յարուցեալը, Համբարձեալը, Փառաւորեալն ու Յաւերժականը»:
«Ո՞վ է ասիկա, որուն կը հնազանդին հովն ու ծովը» (Մրկ. 8,41) հարցումը, որ միաժամանակ վախի եւ զարմացումի դրսեւորում էր Քրիստոսի աշակերտներէն, ունէր իր պատճառը, իր պատմութիւնը. զայն շարադրեցին առաջին երեք աւետարանիչները` Ս. Մատթէոս (8,23-27), Ս. Մարկոս (8,35-41) եւ Ս. Ղուկաս (8,22-25):
Այսօր երկրորդ աւետարանէն կատարեցինք կիրակնօրեայ ընթերցումը աստուածային զոհին` ս. պատարագին ատեն, որ Գողգոթայի արիւնոտ խաչազոհին անարիւն, մշտայուշ կրկնումն է ի նպաստ մեր հոգիներուն սննդառումին, ազատագրումին եւ սրբակերտումին:
Աւետարանն, Աստուծոյ Խօսքը կենդանարար, ու Հաղորդութիւնը, Աստուածամարդուն Մարմինը կենսաբաշխ, զորս կրնանք ըմբոշխնել թէ՛ ամէնօրեայ եւ թէ՛ կիրակնօրեայ Ս. պատարագին ընթացքին, մէկ կողմէն կը գոհացնեն հաւատաւորներու հոգեմտաւոր կարիքը, եւ միւս կողմէն` կ՛երաշխաւորեն անոնց աստուածացումն Ամենասուրբ Երրորդութեան յաւերժութեան մէջ:
Այս «մարդ-Աստուած» յարաբերութիւնը, մտերմութիւնը, հարազատութիւնը, ամբողջացումը կը մարմնաւորէ ու կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոս, որ իբրեւ Մարդ եւ Աստուած կը ներկայանայ երեք աւետարանիչներուն պատմած դրուագին մէջ: Ի՞նչ պատահած է…
Հրաշագործելէն, քարոզելէն եւ շրջագայելէն ա՛լ յոգնաբեկ դարձած Վարդապետը կը նիրհէր «նաւակին ետեւի կողմը, բարձի մը վրայ», երբ աշակերտները կը թիավարէին լճակին մէկ ափէն միւսը: «Յանկարծ սկսաւ ամեհի մրրիկ մը. ալիքները կը խուժէին նաւակին վրայ, որ սկսած էր լեցուիլ ջուրով»:
Յոգնութիւնն ու քունը մարդապատկան իրողութիւններն են. անոնց ենթակայ էր Յիսուս` Մա՛րդը, զոր նոյնիսկ փոթորիկը չկրցաւ արթնցնել, քանի այնքան յոգնած էր եւ պահանջ ունէր քնանալու:
Քրիստոս` յոգնա՛ծ ու քնացա՛ծ Մարդը կ՛արժանանայ զօրաւոր յանդիմանութեան. «Կ՛արթնցնեն Յիսուսը եւ կ՛ըսեն. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞, որ մենք կորսուինք»:
Եթէ անհոգ էր, չէր արթննար եւ չէր հակազդեր տիրապէս ու սքանչելապէս. «Արթննալով` Յիսուս սաստեց հողմին եւ ըսաւ ծովին. «Հանդարտէ՛ եւ լուռ կեցի՛ր»: Հովը իսկոյն դադրեցաւ եւ խոր անդորրութիւնը տիրեց»:
Մարգարէ սաղմոսերգուն նախատեսած էր Յիսուս Մարդուն աստուածութիւնը, երբ, օրինակի համար, դարեր առաջ կը յայտարարէր օրհներգութեամբ. «Դուն կ՛իշխես ծովին ահագնութեան վրայ. անոր ալիքները կը բարձրանան եւ կը փոթորկին, բայց Դուն կը լռեցնես ու կը հանդարտեցնես զանոնք» (Սղմս. 88):
Իրողապէս ու պատմականօրէն լռեցնողը եւ հանդարտեցնողն է Յիսուս Քրիստոս` սքանչելագործ Աստուածամարդը, որ, իր կարգին, այս անգամ Ի՛նքն է պախարակողը. «Այն ատեն ըսաւ աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին չունի՞ք հաւատք»:
Յանդիմանող Աստուածամարդուն հարցումը կրնայ ուղղուիլ նաեւ մեզի. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, թերահաւատնե՛ր» (Մտթ. 8,26), կամ` «ո՞ւր է ձեր հաւատքը» (Ղկ. 8,25):
Արդ, կը յստականայ եզրակացութիւնը: Պիտի ընդունինք Յիսուս Քրիստոսը` Աստուածն ու Մարդը: Պիտի հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին` Աստուածամարդուն, որուն մարդասէր գորովին, ամենակարող հզօրութեան ու մշտակայ հրաշագործութեան անվերապահօրէն վստահելով` մեր մրրիկներուն մէջ եւ ալեկոծումներուն ընթացքին պիտի գիտնանք աներկբայօրէն խնդրել. «Տէ՜ր, օգնէ՛ մեզի, կը կորսուինք» (Մտթ. 8,25):
Այսպէս, ամէն րոպէ ու ամէն տեղ լաւագոյնս գիտնալով եւ սրտանց հաւատալով, թէ ասիկա է Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդը, որ մեր առօրեային մէջ կը հրամայէ ամէն տեսակի հովին ու ծովին, եւ կը հնազանդին Անոր:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 1 սեպտեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ