Դամասկոս
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ (14-էն 16 նոյեմբեր 2009), Հալէպի թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, Դամասկոսի առաջնորդ՝ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան, եւ Տէր Կոմիտաս Տատաղլեան մասնակցեցան ժողովրդային ընդունելութեան Պապ Թումայի մէջ:
Յաջորդ օրը՝ կիրակի 15 նոյեմբեր 2009-ին, Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեանը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայրապետական սուրբ Պատարագին, որ Վեհափառ Տէրը մատուցանեց, Դամասկոսի սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս նաեւ Առնաութեան եպիսկոպոսը մասնակցեցաւ Վեհափառին ժողովրդային ու պաշտօնական ընդունելութիւններուն սուրիահայ գաղութի կողմէ: