Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011 - Աղօթքի հանդիպում Սուրիոյ Գամիշլի Քաղաքի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Գամիշլի, Սուրիա

Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական Եկեղեցիներու հաւատացեալներ եւ հոգեւոր հովիւներ։

Աղօթքի հանդիպումը սկիզբ առաւ խաղաղութեան համար երգով մը, որուն մէջ հաւատացեալները Աստուծմէ հայցեցին խաղաղութիւն, անդորրութիւն ու միասնականութիւն Սուրիոյ համար, եւ այնտեղ դադրին ամէն տեսակի բռնութիւնները ու թշնամութիւնները, եւ Սուրիան կերտէ խաղաղ ապագայ մը։

Այս առթիւ, Բարձր Ճէզիրէի լրատուական գործակալութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ զանազան եկեղեցականներու՝ հոգեւոր հովիւներու հետ, որոնք ցաւ յայտնելով երկրին այս դժուար վիճակին մասին մաղթեցին, որ խաղաղութիւնը հաստատուի Սուրիոյ մէջ եւ ինչպէս միշտ Սուրիան մնայ ամուր բերդը, որուն մէջ բոլորը կ'ապրին եղբայրական սիրով ու միասնական հոգիով, այս առթիւ նաեւ՝ իրենց վկայութիւններն ու մաղթանքները կատարեցին ներկայ հաւատացեալները՝ մանուկներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ։

Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետը՝ գերապայծառ Անդրանիկ Այվազեան ըսաւ թէ «Սուրիան կրօնքներու եւ բարգաւաճման օրրանն է եւ կը մնայ այդպէս, եւ մենք այսօր եկած ենք մեր աղօթքը բարձրացնելու Տիրոջ՝ որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի այստեղ։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ ձեզմէ երկու հոգի միաբանին երկրի վրայ, ինչ որ խնդրեն՝ պիտի ընդունին երկնաւոր Հօրմէս։ Որովհետեւ հոն ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են իմ անունովս, ես անոնց մէջն եմ՝՝ եւ մենք (աւելցուց գերապայծառ Այվազեան) վստահ ենք որ Ինք՝ Յիսուս հոս ներկայ է եւ Ինքն է մեր ապաւէնը, ու խաղաղութիւնը ստոյգ մօտ է։ Գերապայծառ Անդրանիկ Այվազեան յիշեց, որ Սուրիան միակ երկիրն է որ զօրակցութիւն եւ առանձնաշնորհումներ տուած է եկեղեցիներուն ու աղօթավայրերուն։ Արդարեւ՝ պետութիւնը ազատ պահած է եկեղեցիները հարկեր վճառելէ։ Սուրիան է խաղաղութեան Նաւը ու կը մնայ այդպէս, թող նահատակներու սուրբ արիւնը փրկէ Սուրիան եւ Սուրիացիները...Մենք այսօր հոս խմբուած ենք միասնաբար աղօթելու եւ ասիկա փաստ մըն է, որ բոլորս մէկ ենք եւ եղբայրական սէրը մեզ բոլորս իրարու կը միացնէ»։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ