Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2013 - Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօն
Զմմառ

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Վերափոխման տօնին, Հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց եւ Խաղողօրհէք կատարեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, վանքի մուտքը: Վերափոխման տօնի առթիւ դպրեվանքի աւագ ուսանողներէն՝ Տիգրան Փիլիպոս և Պարգեւ Պաշխանժի ստացան եկեղեցւոյ փոքր կարգերը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ: Սուրբ Խորանին սպասարկեցին դպրեվանքի աւագ եւ կրտսեր ուսանողները: Հայրապետական պատարագին ներկայ գտնուեցան Արհիապատիւ Մանուէլ Արք. Պաթագեան, Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Վանքի Մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Վարչական Հայրեր, միաբան վարդապետներ, պաշտօնական հիւրեր, պետական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» երգչախումբը. ղեկավարութեամբ տքթ. Եդուարդ Թոռիկեանի: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀԿՄ Զալքայի մասնաճիւղի պատանիներն ու պարմանուհիները:

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն և շնորհաւորութիւններ, որուն ընթացքին ուխտաւոր ժողովուրդը ստացաւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնը:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ