Երկուշաբթի, 23 Փետրուար 2009 - Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեանի Այցը «Պէշկէօթիւրեան» Կեդրոն

Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ. ընկ. Յակոբ Նազարեանի, ԹԱՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնէն ներս ընդունեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ հայր Անտոն վրդ. Սարոեանը եւ անոր ընկերակցող կրօնական խորհուրդի անդամները: Կաթողիկէ պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ կեդրոնէն ներս գործող միաւորներու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր»ի աշխատանքներուն:
Գրադարանի ժողովասեղանի հիւրասիրութեան ճաշը օրհնելէ ետք, հայր Անտոն շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին համար եւ ներկայացուց իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ապա ընկ. Նազարեան, ՌԱԿ-ի Արեւմտեան շրջանակի անունով, բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ներկայացուց կուսակցական, Հայ Դատի, երիտասարդական եւ քարոզչական աշխատանքներտը: Աւելի մօտէն ծանօթացած ըլլաու ՌԱԿ-ի պատմական անցեալին, հիւրերուն յանձնուեցաւ կուսակցութեան պատմական էջերը հարստացնող երախտաւորներու մասին հրատարակութիւններ եւ վաստակաշատ խմբագիր, պատմաբան եւ հրապարակագիր Գերսամ Ահարոնեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» Հայ Դատին նուիրուած կթողային հատորը: Ուրախ եւ փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտին մէջ, շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը, ամերիկահայ գաղութի կեանքէն ներս կրնայ միայն իր դրական անդրադարձը ունենալ, միացեալ ծրագիրներու իրականացման առնչութեամբ, որոնց առաջինը եղաւ Փետրուար 21-ին տեղի ունեցած ազգային պահանջատիրութեան նուիրուած գիտաժողովը:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ