Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2006 - Մուսթագպալ Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Մուսթաքպալ երեսփոխանական Պլոքի բազմանդամ մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի նախարար երեսփոխան Ահմէտ ֆաթֆաթի, հինգշաբթի 2 Փետրուար 2006 կէսօրին, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ:  Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքութեան Օգնական Եպիսկոպոս Արհի. Տէր Յովհաննէս Եպիսկ. Թէյրուզեան եւ Գերպ. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան: Այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի տարբեր համայնքներու եւ հոսանքներու պետերուն ու ղեկավարներուն հետ հանդիպումներու ճամբով  օգնել երկրին մէջ տիրող տագնապալի մթնոլորտի մեղմացումին, զօրացնել երկխօսութիւնը եւ այս առթիւ անոնց հետ ունենալ կարծիքներու փոխանակում երկիրը յուզող հրատապ հարցերու շուրջ: Պատուիրակութիւնը Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեց շէյխ Սաատ Հարիրիի եւ վարչապետ Սինիորայի ջերմ ողջոյները, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ Պլոքին տեսակէտը եւ տեղեկացուց ցարդ ունեցած շփումներու մասին: Պատուիրակութեան անդամները վստահեցուցին որ Մուսթաքպալ Պլոքը կ’առաջնորդուի Լիբանանի գերագոյն շահերէն միայն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին  վստահեցուց որ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը եւս միշտ գործած է ու կը գործէ երկրին գերագոյն շահերուն կատառումով բոլոր մարզերէն ներս եւ երբեք ճիգ չէ խնայած ու չի խնայեր երկրի ապահովութեան ամրապնդման, զարգացման ու բարգաւաճութեան ի խնդիր: Ան շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ պայման բոլոր խնդիրներու լուծման առաջնորդող ժողովրդավարական միջոց եւ հրաւիրեց բոլոր կողմերը ցուցաբերելու համակեցութիւնը զօրացնող դրական մօտեցում, եւ իրենց կեցուածքներուն մէջ առաջնորդուելու Լիբանանի գերագոյն շահերէն: Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց ապահովութեան վիճակը զօրացնելու  եւ ժողովուրդին ընկերային եւ տնտեսական վիճակի բարելաւման յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ