Եգիպտոս ծնած, քիլիսցի: Իր Պատրիարքութեան առաջին 11 տարիներուն ընթացքին, Յովաննէս Պետրոս ԺԸ. դէմ առ դէմ գտնուեցաւ նոր հարցերու: Արդարեւ, Պատրիարքութիւնը կերպով մը վերապրեցաւ 1915-ի Եղեռնին յաջորդած կացութիւնը, երբ լիբանանեան պատերազմը, ցնցելով ու կազմալուծելով Պատրիարքութեան կեդրոն եղող Պէյրութը, Նուիրապետութիւնը դրաւ նիւթական, կազմակերպչական եւ հոգեւոր կոչումներու ծանր տագնապներու դիմաց: 

Միջին Արեւելքի ու եւրոպական ցամաքամասի մէջ սահմանափակուած իր Պատրիարքութեան հաւատացեալները, արաբական աշխարհի մէջ ծագած քաղաքական ցնցումներուն եւ յեղափոխութիւններուն հետեւանքով, հուսկ լիբանանեան պատերազմին հարուածներուն տակ՝ գաղթեցին դէպի Ամերիկաները, Քանատաները, Աւստրալիաները ստեղծելով աննախընթաց լայնատարած Սփիւռք մը եւ հովուական նորանոր կարիքներ:

Հայաստանի անկախացումը եւ կրօնական ազատութիւններու վերահաստատումը կը հրաւիրեն Պատրիարքութիւնը իր հովուական հոգածութիւնը տարածելու նաեւ Հայաստանի կաթողիկէութեան վրայ, որ 70 տարիներ համայնավարութեան լուծին տակ մնալով՝ մեծ կարիքն ունի հոգեւոր վերանորոգումի:

Այս հարցերը կը շեշտեն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս յանձնառու մարմին, միանգամայն անոր այժմէականութիւնը՝ 250 տարիներու գոյութենէն ետք: