Ախալցխացի (Վրաստան): Քառասուն տարեկանին Պատրիարք, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. նախապէս Հռոմի մէջ դասաւանդած էր փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն՝ Փրոփականտայի Համալսարանին մէջ:

Վստահութիւն պահանջող կարգ մը նուրբ առաքելութիւններու մէջ անոր ցուցաբերած բացառիկ կարողութիւններուն դիմաց, Հռոմ մտածեց զինք օգտագործել Հայ Կաթողիկէ Համայնքին սահմաններէն անդին: Կարդինալ նշանակուեցաւ (Անտոն Թ.էն ետք երկրորդը) 1946-ին: Պատրիարք-Կարդինալի զոյգ պաշտօնները Լիբանանի ու Հռոմի մէջ վարելէ ետք, Ս. Աթոռը զինք վերջնականապէս Վատիկան կանչեց, ուր 1960-1970 շրջանին, Հաւատոյ Տարածման Ժողովին Նախագահի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնեց:

Կեանքի սրբութիւնը, նկարագրի քաղցրութիւնն ու գիտական բազմակողմանի հմտութիւնը, Հռոմի ժողովուրդին մօտ ստեղծեցին այն համոզումը, թէ ան 1963-ի քահանայապետական գաղտնի ընտրաժողովին, Պապ ընտրուած էր, բայց զայն մերժած էր ինքզինք անարժան զգալով:

Լիբանանի եկեղեցին ու դիւանագիտութիւնը պիտի յիշեն անոր մատուցած բարձր ծառայութիւնները, ի սպաս այս երկրին: