Քէօթահեացի: Իր պատրիարքութեան յաջորդ տարին իսկ, Հռոմի մէջ 1911-ին Ազգային Սիւնհոդոսը գումարեց, որուն ընթացքին յստակացուեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս հաւատալիքները, իրաւասութիւնները, եկեղեցական խորհուրդները, անոնց մատակարարումը, ծիսական կանոնները, տօնացոյցը, կոչումներու պատրաստութիւնը, ժողովրդապետութեանց կազմակերպութիւնը, եկեղեցական ատեանի օրէնքները, թեմերու բարւոք մատակարարումը:

Բայց սինոդական Հայրերը՝ իրենց թեմերը դառնալէն քանի մը տարի ետք զոհը գացին 1915-ի Եղեռնի, տեղահանութեան, ջարդերուն: 19 թեմեր, 156 եկեղեցիներ, 110 առաքելութիւններ, 148 դպրոցներ, 32 վանքեր, 6 դպրեվանքեր, 300 քահանաներ, 270 կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ ու հազարաւոր հաւատացեալներ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան 200 տարիներու վաստակը, հայ ժողովուրդին հետ քանդուեցան, տեղահան եղան, նահատակուեցան:

Եղեռնէն ետք տասանորդուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին վարակազմակերպելու եւ անթեմ մնացած Եպիսկոպոսներուն վիճակ մը որոշելու նպատակով, 1928-ին, Հռոմի Եպիսկոպոսաց Բանակցական Ժողով մը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին, ի մէջ այլոց, որոշում առնուեցաւ Պէյրութը հռչակել Պատրիարքական Թեմ (ամբողջ Լիբանանը ընբռնող) եւ Զմմառ վերադարձնել պատրիարքական Աթոռը, որ նոյն տեղէն մեկնած էր շուրջ 60 տարիներ առաջ, լի՛ յոյսերով: