Հալէպցի: Զմմառու Աթոռի Միաբան, Եպիսկոպոս Աղեքսանդրիոյ, մեծահարուստ գերդաստանի զաւակ, բայց աւելի հարուստ իր հոգիին բարեգթութեամբ: Պոլսոյ Ս. Յակոբ հիւանդանոցին եկամտաբեր շէնքերը բազմացուց:

Պատրիարքներուն Պոլիս փոխադրուելէն ասդին, Զմմառու վանքը կը ծառայէր որպէս կեդրոն Աթոռի Միաբանութեան եւ դպրեվանքին եւ կը կառավարուէր Մեծաւորի մը կողմէ: Պատրիարքը գիտցաւ իր նպաստը բերել Զմմառի Վանքին վերազարդարումին: Հրատարակեց Զմմառեան կանոնագիրքը եւ ուրիշ ծիսական գիրքեր:

Օժանդակեց գաւառներու չքաւորներուն, ուր արդէն սկսած էին ցեղասպան արարքները: Ակամայ Պատրիարք ընտրուած, ան փայլեցաւ մանաւանդ որպէս «խոհական եւ խաղաղասէր անձնաւորութիւն» (Օրմանեան):