Թէլ Էրմէնցի (Սուրիա): Զմմառու Աթոռին Միաբան, Կեսարիոյ Եպիսկոպոս, Պօղոս Պետրոս ԺԱ. հեռու մնաց քաղաքական ու ազգային տենդոտ կեանքէն ու Զմմառու Պատրիարքներու ոճով՝ հովուական կեանքին նուիրուած Հայրապետ մը եղաւ: Բազմալեզու մտաւորական, հմուտ աստուածաբան ու հեղինակ իմաստասիրութեան երկհատոր հայերէն դասագրքերու: