Քիլիսցի: Անտոնեան Միաբանութենէն: «Այր սքանչելի եւ ըստ սրտին Աստուծոյ» կը վկայեն իր պատմագիրները:

Գրիգոր Ե.ի օրով, Պատրիարքական թեմերու մէջ կ՛աշխատէր քիչ մը ամէն կարգի կղերական, կրօնաւոր, միսիոնար, վարդապետ, ամուսնացած քահանայ: Բոլորը տոգորուած էին հովուական եռանդով, սակայն չունէին նուիրապետական խիստ կապեր, ոչ ալ միաձեւ դաստիարակութիւն: Այժմ ժամն էր, կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունեցող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեւի բերելու: Առ այս, պէտք էր Պատրիարքական Կղերանոց մը հաստատել: Ու ասիկա եղաւ Գրիգոր Ե.ի մեծապէս կազմակերպչական գործունէութիւնը: Ծրագիրը մեծղի ու ծախսոտ էր: Ու նախախնամութիւնը օգնեց անոր:

Մատրաս բնակող երկու հայ կաթողիկէ գոհարավաճառներ՝ Միքայէլ Յովհաննէսի Բաբումեանին ու Եդուարդ ՌաՖայէլի Ղարամեանցին բարերարութեան շնորհիւ, Գրիգոր Ե. յաջողեցաւ Աթոռի Կղերանոցը կառուցել, 1797-1810: Ան մշակեց նաեւ դպրեվանքի ներքին կանոնագիրքը, դասացուցակը եւ բարեպաշտական հրահանգները:

Իր օրով, վանական հասարակութեան թիւը բարձրացաւ 52-ի, որոնց մէջ 4 Եպիսկոպոս, 4 վարդապետ, 10 քահանայ եւ նորընծաներուն ու աշխատաւոր եղբայրներու բազմութիւնը:

Ու այս բոլորը Լիբանանի մը մէջ, ուր Էմիր Պէշիր Բ.ի աստղը մերթ կը փայլէր, մերթ կը նսեմանար Աքրայի Ժազզար բռնաւոր փաշայի հալածանքներուն տակ (1799):