Յակոբ Յովսէփեան հալէպցի երիտասարդը տասը տարի Քատիշայի Ս. Անտոն վանքին մէջ կրօնաւորական կեանք վարելէ ետք, իր ծննդավայրը կը վերադառնայ եւ Հալէպի Առաջնորդ Արծիւեանի ձեռքով վարդապետ կը ձեռնադրուի 1720-ին:

1722-ին հալածանքները երբ Արծիւեան Եպիսկոպոսը աքսորի կը դատապարտեն, Յակոբ վարդապետ մի քանի ընկերներով իրենց ինչքերը կը վաճառեն ու գոյացած գումարին մէկ մասով Քրէյմի (Լիբանան) ագարակը կը գնեն՝ հոն հայկական վանք մը շինելու համար, իսկ միւս մասով՝ Աբրահամ Եպիսկոպոսը Արուատ կղզիէն կ՛ազատեն ու Քրէյմ կը բերեն:

1735-ին, Հալէպ վերադառնալով որպէս տեղապահ, Յակոբ վարդապետ կը յաջողի փաշային ձեռքով եկեղեցի մը ունենալ եւ Արծիւեանն ալ Հալէպ վերադարձնել (1739): Արծիւեան, Հալէպ հասած, Յակոբ վրդ.ը եւ ուրիշ երկու վարդապետներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ անոնց ձեռքով՝ Պատրիարք կ՛օծուի, 26 Նոյեմբեր 1740-ին:

Յակոբ Եպս., ժամանակ մը Հալէպի իր թեմը հովուելէ ետք, կը հարկադրուի ապաստանիլ Քրէյմ, Արծիւեանի մօտ: 35 տարիներ Արծիւեանին որպէս օգնական ծառայելէ ետք, անոր վախճանումէն ետք, անոր յաջորդ կ՛ընտրուի 14 Հոկտ. 1740-ին:

Իր չորս տարիներու Պատրիարքութեան կարճատեւ շրջանը կը յատկացնէ Զմմառու Վանքը կառուցելու եւ Պատրիարքութեան Աթոռը Քրէյմէն հոն փոխադրելու (1749-ին) աշխատանքին, ինչպէս հրահանգած էր հիմնադիր Պատրիարք Հայրը, որուն կենդանութեան օրով իսկ վանքին շինութեան ձեռնարկած էր:

Յակոբ Բ., Աբրահամ Արծիւեանի հետ հիմնադիրը եղաւ թէ Անտոնեան Միաբանութեան եւ թէ Քրէյմի վանքին: