Վերաբացուեցաւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածին նորոգուած եկեղեցին

Յիսնակաց հինգերորդ կիրակի օրը, Փանիկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգը կը հրաւիրէր գիւղը մասնակցելու վերանորոգ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան եւ առաջնորդ Հօր՝ արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Զոհի Սեղանին:

Սրբազան Հայրը, առընթերակայութեամբ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանի եւ Տ. Սահակ քհնյ. Աղեկեանի, օծեց եկեղեցւոյ նոր երկաթեայ դուռը եւ ապա իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորոգուած մօտ 150 տարեկան եկեղեցիին:

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1846 թուականին՝ գիւղի առաջին քահանայ Տ. Պետրոս Նահապետեանի ջանասիրութեամբ, եղած է տարածաշրջանի հայ կաթողիկէ հաւատքի լուսաւոր օճախներէն մէկը, ուր դաստիարակուած է հաւատքի եւ ազգային դէմքի պահպանութեան առաջամարտիկ, աւանդապաշտ ժողովուրդ մը, որ տուած է քահանաներ, վարդապետներ եւ գիտնականներ: 1991-էն կանոնաւոր գործող եկեղեցւոյ վերստին հիմնանորոգման կարիքը նկատեց եւ նախաձեռնեց գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը՝ 2017 թուականին:

Իր խօսքին մէջ Հայր Գառնիկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ բարերարներուն ըսելով .- «Փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն Հայր Աստծուն եւ Փանիկի Տիրամօր, որ կարողացանք մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասցնել: Նաեւ ձեր անունով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն, որոնք աջակցեցան, որպէսզի այս շքեղ եկեղեցին ունենանք»:

Յարդարուած են եկեղեցւոյ գաւիթը, զանգակատունը, պատերը, վերստին ներկուած, փոխուած են ջահերը, նորոգուած են սրբապատկերները, նկարուած են նորերը, որոնք կը զարդարեն Սուրբ Խորանի առաստաղը՝ Աստուածամօր պատկերներով, մուտքի դրան վերնամասը՝ Յովհաննէս Մկրտիչի պատկերով եւ աջ պատը՝ Խաչելութեան պատկերով: Նկարիչը Տիգրան Յակոբեանն է: Շատ կարեւոր նորութիւն մըն է նաեւ ջեռուցման համակարգի տեղադրումը՝ Հայկական Կարիտասի աջակցութեամբ: Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան իր քարոզին մէջ ուրախութեամբ ըսաւ, որ նորոգութիւնը հնարաւոր եղաւ «շնորհիւ պետական հաստատութիւններու, շնորհիւ հոգեւորականներու, որոնք ձեզի կը սպասաւորեն եւ ձեր մասնակցութեամբ, սիրելի՛ հաւատացեալներ»:

Սրբազանը առանձնայատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սուրբ Պատարագին ներկա Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին եւ փոխմարզպետ Սեյրան Պետրոսեանին։

Սուրբ Պատարագէն ետք իր շնորհակալական խօսքն արտասանեց նաեւ Փանիկի գիւղապետը՝ ուրախութիւն յայտնելով նաեւ առ այն, որ համայնքի սոցիալ-տնտեսական խնդիրներու լուծումը սկսաւ եկեղեցւոյ նորոգութեամբ, եւ ըսաւ․- «Կատարուեցաւ առաջին հերթին փանիկցիներու շնորհիւ, իւրաքանչիւրս մեր լուման ունինք այս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն մէջ, եւ զայն պարտաւոր ենք պահել, պահպանել, բոլոր երկիրներու ժողովուրդները կը պահեն Եկեղեցին: Մեր համայնքի այցետոմսը եկեղեցին է»: