Ս. Ծննդեան հոգեպարար Համերգ` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Ծննդեան հոգեպարար մէկ աւանդութիւնը կիրակի 17 դեկտեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 7․30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ լուսազարդուած եկեղեցւոյ մէջ անգամ մը եւս համախմբեց հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր Յիսուսի ծննդեան նուիրուած երաժշտութեամբ, շարականներով եւ երգչախմբային կատարումներով դիմաւորելու նախապատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան Տօնին։

Արդարեւ, այդ երեկոյ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան աւանդական Համերգը հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն եւ կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան ըսաւ, որ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ամենամեայ այս նախաձեռնութիւնը առիթ մըն է, որ միասին ապրինք Ս. Ծնունդի խորհուրդը, հովիւներուն նման խոնարհաբար մօտենանք Յիսուսին, իսկ մոգերուն նման վկայենք, որ մանուկ Յիսուսը արքան է երկրի եւ երկինքի: Աթէշեան մաղթեց, որ Բեթղեհէմի փայլուն աստղը լուսաւորէ բոլորը:

Յայտագիրի առաջին մասով նախ ելոյթ ունեցաւ մանուկներու «Բլբուլ» երգչախումբը եւ ներկայացուց «Խորհուրդ մեծ» եւ «Եա Մասիհան» երգերը, ապա «Արծիւեան» երգչախումբը կատարեց «Ատեսթէ Ֆիտելես» եւ «Տը ֆըրսթ Նոյել» երգերը, որմէ ետք երգչախումբի չորս անդամներ աքաբելլա երգեցին «Հրեշտակք աւետիս կու տան» եւ «Փոքրիկ քաղաք Բեթղեհէմի» ստեղծագործութիւնները:

Յայտագրին երկրորդ մասը սկսաւ ֆլիւթահար Գէորգ Քէշիշեանի երկու կատարումներով ( March of the Priests – Gluck եւ He shall feed His flock – Handel), դաշնակի ընկերակցութեամբ Օլկա Պոլունի: Ապա Ճոնի Կէօքճեան ներկայացուց «Կեսու Պամպինօ» եւ «Էվրի վալի շել պի Էքսհալթըտ» երգերը, իսկ Ղազար վրդ. Պետրոսեան կատարեց «Ավէ Մարիա Տոլչէ Մարիա»ն եւ «Ակնուս Տէի»ն: Հուսկ, Ճոնի Կէօքճեան եւ Ղազար վրդ. Պետրոսեան զուգերգով ներկայացուցին «Կատ պլես աս էվրիուան» եւ «Ֆելիզ նաւիտատ» երգերը:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Գէրոգ եպս. Ասատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երգողներուն եւ նուագողներուն, որոնք մանուկ Յիսուսը բերին ներկաներուն: Ան ըսաւ. «Մեզի համար մեծ շնորհ մըն է սրբութեամբ եւ ուրախութեամբ պատրաստուիլ Ս. Ծննդեան: Մենք` քրիստոնեաներս, պէտք ունինք մանուկ Յիսուսի պատգամին, որ է սէր եւ խաղաղութիւն: Մենք ըլլանք պատգամաւորներ, որպէսզի ամէն տեղ սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ»: Խօսքի աւարտին գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան եւ ժողովրդապետական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Եզրափակիչ երգով հանդէս եկան «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ երկու թենորները` Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Ճոնի Կէօքճեան` ցնծալի մթնոլորտի մը ներքեւ ներկայացնելով «Կլորիա ին էքզելսիս տէօ» երգը: