Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնին առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Հռոմի Սուրբ Վլաս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնին առիթով, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի սուրբ Վլաս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր` Գերյ. Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց:

Թէեւ որեւէ փաստ չկայ, սակայն կը կարծուի թէ սուրբ Վլաս ծագումով հայ է։ Ան նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Բանտին մէջ կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը Հռոմաբնակ ժողովուրդին համար  յատուկ աւանդութիւն է։ Անոնք այդ օր կը խուժեն Հռոմի Սուրբ Վլաս անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցի` ուր օրուան ընթացքին կը մատուցուին պատարագներ, կը բաշխուի օրհնուած հաց ու տեղի կ՛ունենայ կոկորդի օրհնութիւն։

Սուրբ Վլաս Հայրապետ եղած էր Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս։ Ան իր ժողովուրդը կ՝առաջնորդէր ու կը դաստիարակէր որքան իր խօսքով նոյնքան եւ աւելի իր բարի օրինակով։ Հալածանքներու սաստկութեան միջոցին Վլաս  հաւատացեալներուն յանձնարարեց որ  քաշուին լեռները։ Նոյնը ըրաւ նաեւ ինք, քաշուելով Արգէոս Լեռը (Էրճիաս տաղը) ուր սակայն հալածիչ կուսակալի զինուորները զինք կը գտնեն , քաղաք կը բերեն ու կը բանտարկեն։ Հազիւ Սեբաստիա մտած էր երբ ”մայր մը” լալահառաչ կ՛իյնայ անոր ոտքերուն, խնդրելով իր նոր մեռած զաւկին վերակենդանութիւնը։ Գթալով մօր արցունքներուն, սուրբը ներկաներուն առջեւ աչքերը վեր կը բարձրացնէ եւ կ՛ աղօթէ. ”Լսէ՝ Հայր գթութեանց եւ Աստուած ամենայն մխիթարութեանց, ծառայիդ աղօթքին եւ վերադարձուր այս մանկան կեանքը, որպէսզի ամէնքը ճանչնան թէ դուն ես կեանքի եւ մահուան Տէրը՝՝։

Հազիւ աղօթքը կը վերջացնէ, մանուկը կը վերակենդանանայ իր մօր գրկին մէջ։ Մանուկը մահացած էր` կոկորդը ձկան փուշ մը խրած ըլլալուն համար։ Ասոր համար է որ բազմաթիւ հաւատացեալներ կը հայցեն Սուրբին բարեխօսութիւնը  կոկորդի հիւանդութեանց համար։

Ս. Վլաս,  ամենէն ժողովրդական սուրբերէն մին եղած է Միջին դարուն։