ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀԱՅՐ ԹՈՎՄԱՍ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ

Կիրակի՝ 15 հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրէ ետք  ժամը 3:30-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ գերապատիւ Հայր Թովմաս վրդ․ Կարապետեանի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը որուն նախագահեց ննջեցեալ քահանան ձեռնադրող եպիսկոպոսը՝ Արհիապատիւ Մանուէլ  Պաթագեան։

Հայր Թովմաս Կարապետեան անցեալ մէկ հոկտեմբերին իր մահկանացուն կնքած էր՝ 44 տարեկանին, Քալիֆորնիայի մէջ։

Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Հայր Թովմասի երբեմնի դասընկերը՝  Զմմառու Միաբանութեան մեծաւոր գերապատիւ Գաբրիէլ թ․ծ․վ․ Մուրատեան, իսկ յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արհի․ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան որ ըսաւ.- «Հայր Թովմաս Կարապետեանը ապրեցաւ Տիրոջ համար ինչպէս ցոյց կու տայ անոր կենսագրութիւնը։ Արդարեւ, ան նուիրումով ծառայեց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին այն առաքելավայրերուն մէջ ուր պաշտօնի կոչուեցաւ, մինչեւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներուն ու Պրազիլի մէջ, հեռու իր հարազատներէն ու ծննդավայրէն։ Եղաւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի փոխ տեսուչ։ Սակայն, մինչեւ վերջին շունչը եղաւ ուսումնատենչ չբաւարարուելով մինչեւ ձեռնադրութիւնը ստացած գիտելիքներով։ Հայր Թովմաս եղաւ հեզաբարոյ հովիւը իր հօտին»։

Գերապայծառ Տէրը իր  դամբանականը աւարտեց ըսելով որ ողբացեալ վարդապետին հոգեւոր եղբայրները, հարազատներն ու բոլոր զինք ճանչցողները իրենց մխիթարանքը պիտի գտնեն միայն աղօթքին մէջ։