ՄԱՐՈՆԻԹ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Շաբաթ 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Զմմառու վանք այցելեցին՝ Ճուպպէի, Սարպայի եւ Ճիւնիի Մարոնի Առաջնորդ՝ Փօլ եպիսկոպոս Ռուհանան եւ թեմական քանանաները: Զմմառու վանքի մայր դահլիճին մէջ  հիւրերը ընդունուեցան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ եւ վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին կողմէ: Մեծաւոր Հայրը անդրադարձաւ Զմմառու վանքի պատմութեան մինչեւ Մեծ Եղեռնի օրերը եւ այսօր: Ապա յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին Մարոնի Հայրերը գոհունակութիւն յայտնեցին այս սիրալիր ընդունելութեան համար: Այնուհետեւ յարգոյ հիւրերը յաջորդաբար այցելեցին Մայր Տաճար, թանգարան, մատենադարան և գինեմառան: Աւարտին՝ անոնք իրենց հիացմունքը եւ գնահատանքը արտայայտեցին  վանքի ճարտարապետական գեղեցկութեան  եւ   վանքին մէջ պահպանուած հարուստ ժառանգութեան համար: