Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ նոր ժողովրդապետ

22 հոկտեմբեր 2017-ին Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը: Յընթացս անմահ Սուրբ Զոհի մատուցման, Առաջնորդ Հայրը կատարեց վարդապետական գաւազանի եւ լանջախաչի տուչութիւն՝ գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանին եւ զինք յայտարարեց նոր ժողովրդապետ Կիւմրիի հայ կաթողիկէ համայնքի:

Հ. Մաշտոց յաջորդեց արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Մկրտչեանին, որ Գիւմրիի ժողովրդապետն էր 2016-ի յունուարէն: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Գրիգորին արդիւնաւէտ ծառայութեան համար։ Տէր Գրիգոր կը շարունակէ վարել առաջնորդութեան ֆինանսական եւ տնտեսական մատակարարի եւ Թորոսի Աղաճանեան կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնները:

Կիւմրիի նորանշանակ ժողովրդապետ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը (աւազանի անունով՝ Հրայր) ծնած է 6 Հոկտեմբեր 1986-ին Ժպէյլի մէջ, Լիբանան: Քեսապցի ընտանիքի զաւակ Հրայր Զահթերեանը 1996-ին յաճախած է Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանը, ուր ամբողջացուցած է իր դպրոցական ուսումը: Ապա, 2005-ին հետեւած է իմաստասիրական ուսմանը՝ Յոյն կաթողիկէ Ս. Պօղոս Կաճառին մէջ: 2008-ին մեկնած է Հռոմ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան, ուր շարունակած է իր աստուածաբանական ուսումը՝ Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Համալսարանին մէջ: 2011-ին ուսումները աւարտելէ յետոյ վերադարձած է Զմմառի Վանք, ուր պատրաստուած է ընդունելու քահանայական աստիճանները: 12 Ապրիլ 2012-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ ու դարձած Զմմառեան Միաբանութեան անդամ: Նոյն տարին, աստուածաբանական մասնագիտական ուսումը շարունակած է Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ: Անոր յանձնուած է Զմմառու Վանքի Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երջ. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխ վերակացուի պաշտօնը: Յըթացս եղած է նաեւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի քրիստոնէականի ուսուցիչը:

2017-ի Օգոստոսին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովի աւարտին, Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հ. Մաշտոցին ծառայութեան նշանակեց Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան մէջ: