ՀԱՅԱԾԷՍ ՍԲ․ ՊԱՏԱՐԱԳ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Վիա Լաթա եկեղեցւոյ մէջ, Հայածէս սուրբ և անմահ Պատարագ մը տեղի ունեցաւ, Քրիստոնեաներու համամիութեան համար:
Պատարագը մատուցանեց եւ իտալերէնով քարոզեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի Մեծաւոր Գերյ. Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան: