ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԸ՝ 2017 ՕԳՈՍՏՈՍ 22-ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու  Սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ 22 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2017-ին Զմմառու վանքին մէջ,  նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ բոլոր Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ միաբանութեանց մեծաւորներուն։

Այս տարեկան Սիւնհոդոսին օրակարգը, բացի հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցերէն, պիտի ընդգրկէ նաեւ Միջին Արեւելքի համայն քրիստոնեաներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ բնակչութեանց տագնապալի կացութիւնը, ասոր հետեւանքները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական գաղութներուն իրավիճակը եւ համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրներ։