Կտանսկի նորաստեղծ «Հայկական Տունը» օրհնուեցաւ ձեռամբ Տէր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի

Տօն եւ հոգեւոր բերկրանք՝ լեհահայ կաթողիկէ համայնքին համար

13 օգոստոս 2017-ին, Լեհաստանի Կտանսկ քաղաքի հայկական համայնքին մօտ տեղի ունեցան տօնական իրադարձութիւններ: Արդարեւ, Կտանսկի Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը՝ համապատարագութեամբ հինգ հոգեւորականներու (Լեհաստանի հայ համայնքի կեդրոնական ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Հ. Ժոզէֆ ծ. վ. Նաումովիչի, Հ. Հենրիք ծ. վ. Բլաշչիկի,  Հ. Ռաֆայէլ վրդ. Կրավչիկի, Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի եւ Տէր Մաշտոց քհն. Ղազարեանի), սպասաւորութեամբ Լեհաստանի մէջ ուսանող հայ ճեմարանականներու, ներկայութեամբ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան  Էտկար Ղազարեանի, Կտանսկի քաղաքապետ  Պաւէլ Ադամովիչի, Կտանսկի հայկական ընկերութեան նախագահ Գագիկ Պարսամեանի եւ լեհահայ համայնքի ներկայացուցիչներու: Սուրբ Պատարագը նուիրուած էր լեհահայոց համայնքի գոյութեան 650-ամեայ յոբելեանին եւ Կտանսկի Շնորհաց Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերի թագադրութեան 80-ամեայ յոբելեանին: Ի դէպ, այդ պատմական սրբապատկերը պահուած է Ս. Պետրոս եւ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, որ անոր շնորհիւ, դարձած է սիրուած սրբավայր եւ ուխտավայր լեհահայոց համար:

Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացեալներու թափօրը՝ հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ շարժեցաւ դեպի Կտանսկի հին քաղաքի հատուածը գտնուող նորաստեղծ «Հայկական Տուն» մշակութային կեդրոնը, որու օրհնութիւնը եւ հանդիսաւոր բացումը կատարեցին Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան, Պրն. Էտկար Ղազարեան, Պրն. Պաւէլ Ադամովիչ եւ Պրն. Գագիկ Պարսամեան, որ «Հայկական Տան» նախագահն է: Նոր մշակութային տան ստեղծումն ու բացման արարողութիւնը կազմակերպեց Պրն. Գագիկ Պարսամեանը, որ յայտնի է իր հայապահպան աշխոյժ գործունէութեամբ:

«Հայկական Տան» բացման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ  գեղեցիկ մշակութային յայտագիր՝ հայկական տարազներով եւ պարերով: