ԶՄՄԱՌԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՆՇՈՒՄ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ներկայութեամբ՝ Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերպծ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի եւ Զմմառեան Միաբան Հայրերուն, Կիրակի 6 օգոստոս 2017, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Զմմառու Վանքի Վերափոխման Ս. Կուսին Եկեղեցւոյ մէջ  տեղի ունեցաւ միաբան Հայրերէն՝ Գեր. Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեանի քահանայութեան 45- ամեակին, Գեր. Հ. Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեանի, Գեր. Հ. Մովսէս վրդ. Տօնանեանի եւ Գեր. Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանի 25-ամեակին նուիրուած Ս. Պատարագ, զոր մատուցանեց Գերպ. Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեան:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին յոբելեար վարդապետները շնորհաւորութիւնները ընդունեցին վանքի դահլիճին մէջ։

Կայքիս անձնակազմը իր կարգին կը շնորհաւորէ յոբելեար վարդապետները, մաղթելով անոնց անսպառ կորով՝ Ամենակալին օգնութեամբ եւ Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը։