ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց

Սիրեցեալ զաւակներ,

Եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Ներկայ աշխարհը վախի աննախընթաց օրեր կ’ապրի այս օրերուս. ի մէջ այլոց, ահռելի աղէտներ կը հարուածեն մարդկութիւնը, որոնց նմանը չէր տեսնուած ցայսօր, ահ ու սարսափի մատնելով ամէնքը։ Վախը կը տարածուի ամէն կողմ, Քորոնա կոչուած տիտղոս մը կրելով, իր անցքին վրայ ան կը հարուածէ ու կը փճացնէ ամէն ինչ, մահաշուք հիւանդութեամբ մը, որ արագաքայլ կը յառաջանայ, կործանելով ամէն բան, լեռ ու ձոր, աղքատին տնակն ու հարուստին պալատը, առանց խնայելու ոչ ոք, եւ բիւրաւոր կեանքեր խլելով, ու ողջ մնացողները յուսալքումի մատնելով։ Նորակերպ ջրհեղեղ մըն է կարծէք, որ կը խոյանայ յանկարծ, առանց ազդարարելու, կամ Սոդոմ Գոմոր մը, որ կը խոյանայ, չխնայելով ոեւէ մարդկային էակ, կամ Աստուծոյ նոր պատուհասը, որ կ’ոչնչացնէ ամէն ինչ որուն կը հանդիպի. կարծէք Աստուծոյ բարկութիւնն է որ ծայր տուած է ամէնուրեք։

Այս աղիտալի վիճակին մէջ, ուր կը խորասուզուի ամբողջ արարչութիւնը, մենք, որ պատրաստուած ենք ցնծութեամբ տօնախմբելու քրիստոնէութեան ամէնէն հրաշալի տօնը, Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը մեռեալներէն, ուրիշ ելք չունինք եթէ ոչ՝ յառել մեր յուսալից նայուածքը դէպի այն Քրիստոսը որ իր մահուընէ առաջ հռչակեց թէ պիտի մեռնի բայց պիտի յաղթէ մահուան. գիտենք թէ արդէն իսկ ան իրագործեց իր մարգարէութիւնը, որուն ուժով վերստին կենդանացուց ինքզինքը եւ խոստացաւ կենդանացնել նաեւ ով որ այդ հաւատքին փարի, իր կեանքն իսկ զոհելով իր վկայութեամբ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Հարց տանք պահ մը մենք մեզի՝ թէ իրենց ատենին, երբ նման օրեր տեսան, ի՞նչ դիրք բռնեցին աշակերտները այդ դժուարին պահերուն։ Գիտենք որ անոնց մէջ ամէնէն խիզախըˋ Պետրոսն էր, ինչպէս միշտˋ յառաջ նետուողը։ Ան խոստացաւ ցմիշտ հաւատարիմ մնալ Յիսուսին։ Երբ Յիսուս մարգարէաբար իր չարչարանքներուն ու մահուան մասին խօսեցաւ, Պետրոս, իր խօսելակերպով յայտարարեց թէ պիտի պաշտպանէր իր աստուածային Վարդապետը ամէն գնով եւ պիտի չթոյլատրէր որ դպչին իսկ անոր։ Սակայն կացութիւնը փոխուեցաւ երբ յառաջ եկան Յիսուսի թշնամիները։ Երբ հասաւ վտանգի պահը, Պետրոս ուրացաւ իր Տէրը եւ լքեց զայն։ Կացութիւնը դեռ աւելի սաստկացաւ երբ չարչարեալ Քրիստոսի դէմ իր թշնամիները դիրք բռնեցին եւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սակայն հասաւ Յիսուսի Յարութեան ու փառքի օրը։

Պետրոս եւ բոլոր առաքեալները յարութեան զօրութեամբ զգեցած, գացին ամբողջ ծանօթ աշխարհը, աւետարանեցին ու հիմնովին փոխեցին զայն, ուսուցանելով Քրիստոսի վարդապետութիւնը։ Գիտակցաբար, անոնք մարտիրոսութիւնը յանձն առին եւ աներկիւղ քարոզեցին մարդկութեան՝ Քրիստոսի աւետարանին աւետիսը։

Դժոխքի դռները խորտակուեցան եւ երկինքի դռները բացուեցան բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ընդունեցին Քրիստոսի փրկագործական աւետիսը։ Մահը պարտուեցաւ եւ դժոխքի պարիսպները քանդուեցան. «Ո՞ւր է մա՛հ, խայթոցդ,- պոռաց Պօղոս Առաքեալը.- ո՞ւր է, գերեզման՝ յաղթանակդ»։ Մահը, որ մարդկութիւնը իր ճանկերուն մէջ առած էր, Քրիստոսի մահուամբ խորտակուեցաւ։

Սիրելի հաւատացեալներ, մարդկութիւնը կը շարունակէ կրել արհաւիքի չարչարանքները։ Մահը կը շարունակէ կեանքեր խլել, հիւանդութիւնըˋ չարչարանքները բազմացնել։ Սակայն մեզի ներուած չէ յուսահատիլ, որովհետեւ ըստ իր խոստումին, պայքարին անպայման կը յաջորդէ յաղթանակը, տառապանքինˋ ուրախութիւնը։ Շարունակենք պայքարը մինչեւ որ իրականանայ իր խոստումը։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Մենք այսօր, միասիրտ ու միաբերան եւ յոյսով լի, ամէնքս մեր ջերմ աղօթքները կը բարձրացնենք մեր երկնաւոր Տիրոջ, հայցելով իր գթառատ ողորմութիւնը համայն մարդկութեան եւ յատկապէս մեր սիրելի հայրենիքին, Հայաստանին եւ Արցախին վրայ ու երկրորդ հայրենիքինˋ Լիբանանի, որ տալէ ետք համբերութեամբ կրելու շնորհքը, շնորհէ յարատեւութեան պարգեւը՝ «որ համբերեսցէ ի սպառ, նա կեցցէ՛»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ