ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ, ՕՐ ՄՈԽՐՈՑ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀՌՈՄԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍԲ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Բուն Բարեկենդանի առիթով՝ սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Հալէպի եւ Բարձր Ճազիրայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան: Պատարագիչ սրբազանը իր յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ յայտնեց, որ Մեծ Պահքի շրջանին պէտք չէ ցուցամոլութիւնը տիրէ, այլ՝ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է գիտնայ ինչպէս մօտենալ եւ համակերպիլ այս սուրբ օրերուն: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտի այժմէական իմաստին: Ան նշեց, թէ ոչ ոք մարտիրոս կամ հերոս կը ծնի, այլ՝ ժամանակի ընթացքին ինքնաշխատութեամբ իր ճանապարհը կը կերտէ: Պատարագի աւարտին սրբազան հայրն ու Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ գերյարգելի Հայր Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան օրհնեցին մոխիրը, ապա հաւատացեալներուն գլխուն վրայ ցանելով կրկնեցին աւանդական եւ ծիսական խօսքը. «Յիշէ՛, ո՛վ մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»: Հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հռոմի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերը, գլխաւորութեամբ՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի եւ հռոմաբնակ հաւատացեալներ:

Ապա տեղի ունեցաւ կարճ եւ կոկիկ յայտագիր մը նուիրուած Աւարայրի ճակատամարտին: Ձեռնարկին սկիզբը ժառանգաւորաց անունով հանդէս եկաւ Եղբայր Արամ Սաատօ եւ արտասանեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտին, «Աւարայրի ճակատամարտը, ըսաւ ան, պարզապէս պատմական դէպք մը չէ, ոչ ալ ռազմական մէկ առասպել մը մեր դարաւոր պատմութեան էջերուն մէջ, այլ՝ փառապանծ յաղթանակի մը հաւաստիքն է, որուն պտուղը այսօրուան մեր Քրիստոսապաշտ գոյութեան մէջ կը կայանայ, որով իւրաքանչիւր հայ կոչուած է վառ պահելու Վարդանի ու անոր ընկերներու յանձնած լուսաւոր ջահը, որուն ճրագէն միմիայն հաւատք, յոյս եւ հայրենասիրութիւն կ’արտացոլայ»:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Մարինէ Գրիգորեան մենակատարեց «Լռեց ամպերը» երգը, Եղբայր Պետրոս Մարաշլի Հատտատ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, Տիանա Կապրիէլեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի յօրինած կտորներէն մին, ապա վարժարանի սաները ներկայացուցին Կոմիտասեան եղանակով «Նորահրաշ» շարականը: Օրուան հանդիսութիւնը փակեց Մեծաւոր հայրը: Ան նշեց, թէ 1567 տարիներ առաջ եղած պատերազմը մինչեւ օրս մեր գոյութեան եւ յարատեւման մեկնակէտն է, ուր ամէն հայորդի պէտք է շարունակէ Վարդանի մղած պայքարը: Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի մուտքին հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ։