Անուանակոչութիւն Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Ս . Միքայէլ ընծայարանի եւ գինեձօն «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի

Շաբաթ 11 նոյեմբեր 2017-ի ժամը 11-ին, Զմմառու Մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի . Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց:

Պատարագը մատուցանեց Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Ս . Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ` գեր. Գրիգոր վրդ.Պատիշահ:

Յաւարտ Սուրբ  Պատարագի, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, վանքիս Մեծաւոր` գերպծռ.Գաբրիէլ թ.ծ.վ.Մուրատեան, տեսուչն ու փոխտեսուչ գեր. Տիգրան վրդ . Ֆիլիպպոսեան եւ վանքին վարչութիւնը` վանքի դահլիճին մէջ ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Ապա դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ագապը։

Օրուան սրտի խօսքը փոխանցեց տեսուչ Հայր Սուրբը եւ հրաւիրեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Մեծաւոր Հայրը եւ փոխտեսուչը որպէսզի կատարեն «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին գինեձօնը։

Հուսկ, Ամենապատիւ եւ  Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը` իր հայրապետական խօսքին մէջ յորդորեց նորընծաներուն և ժառանգաւորներուն անսասան մնալ իրենց կոչման մէջ եւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Հրեշտակապետերուն անունները։

Աւարտին, ներկաները տարեգիրքէն օրինակ մը ստացան և Տէրունական Աղօթքով  լրումին հասաւ տօնակատարութիւնը: