ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Հինգշաբթի 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, վարչական հայրերը և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սաները, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեցին Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Միաբանութեան Զմմառու վանք: Տօնական գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ՝ «Նախախնամութեան տան» փոքրիկները գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին:  Այս առթիւ  Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ կատարուեցան եւ Կաղանդ Պապան նուէրներ բաժնեց, մեծ ուրախութիւն պատճառելով առաքինազարդ քոյրերուն եւ «Նախախնամութեան տան» փոքրիկներուն: