ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐԻ «ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՏՈՒՆ»

Հինգշաբթի 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, Զմմառու վանքի վարչական հայրերը և Երանելի Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութիւնն ու սաները, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելութիւն տուին Այնճարի «Աղաճանեան Սանուց Տուն»:

Հիւրերը ընդունուեցան Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Հ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թօփալեանին եւ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ և «Աղաճանեան Սանուց Տան» պատասխանատու ՝ Արժ. Տէր Ալիշան քհն. Ափարթեանին, ինչպէս նաեւ «Աղաճանեան Սանուց Տան» սաներուն կողմէ: Կէսօրին, ուրախ մթնոլորտի մէջ հիւրերը իրենց մասնակցութիւնը բերին օրուան հացկերոյթին, որուն ընթացքին բարեմաղթութիւններ կատարեցին եւ Կաղանդ Պապան նուէրներ բաժնեց փոքրերուն, մեծ ուրախութիւն պատճառելո  սաներուն: