ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ, ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ, ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՔԵՐՔԷ ԵՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, Գերապայծառ Գէորգ եպիսկ. Խազումեանին եւ Գերապայծառ Էմմանուէլ  արք. Տապպաղեանին, հինգշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 11.00-ին,  այցելեց Պապական Նուիրակութիւն,  ուր դիմաւորուեցաւ  Նուիրակութեան գործավար  գերապայծառ Իվան Սանթուս եպիսկոպոսին կողմէ։ Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները ներկայացուց  Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առիթով։ Նախքան ագապը, որուն հրաւիրուեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընթերցումը  գերապայծառ Էմմանուէլ արք. Տապպաղեանին քահանայութեան յիսնամեակին առիթով Սրբազան Քահանայապետին կողմէ  ղրկուած շնորհաւորական Գիրին։

Միեւնոյն օրը, նախքան Պապական ներկայացուցչութիւն այցելութիւնը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ արհիապատիւ Հայրերուն, այցելեց Պքերքէ, Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները ներկայացնելու համար մարոնիթներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռաիին։